Ժամանակին կար ու չկար, Մամախաթուն գիւղին մեջ մէծ հայրիկ մը կար, որ շատ կը յարգեր իր տիկինը, թոռները, Ազատ եւ Ազատուհին, ու կը սիրեր մշակել իր պարտէզը:
Գարնան առաջին օրերուն, մեծ հայրիկը պարտէզ կերթայ, վայրի բոյսերը կը մաքրէ,ակօսներ կը բանայ, կը ցանէ բանջարեղէնների ու շողգամի հունտեր:
Ամէն իրիկուն, մեծ հայրիկը չէր մոռնար պարտէզը ջրել իր թոռնիկներուն հետ:
Աշնան առաւօտ մը, պապիկը պարտէզ կ'երթայ եւ ի՞նչ տեսնէ, Հսկա՛յ շողգամ մը, իր պարտէզին մեծութեան ջափով, պետգ է այս շողգամը փրցնեմ կ՛ըսէ մէծ հայրիկը, որ միւս բանջարեղէններուն չի խասէ:
Պապիկը շողգամը կը քաշէ, կը քաշքշէ, ու հողէն չի կրնար հանել եւ գետին կ'իյնայ:
կ՛երթայ կինը կը կանչէ մտածելով թէ, երկու հոգիով աւելի գորաւոր կըլլան, ու երգելով, երկուքը մէկ կը քաշեն, կը քաշքշեն, շողգամը հողէն չեն կրնար հանել:
մամիկըբ բռնեց պապիկը, պապիկը բռնեց շողգամը, հա քաշեցին, քաշքշեցին շողգամը հողէն չի հանեցին:
Լաւ կ՛ըսէ մեծ հայրիկը, ի՞նչ պիտի ընենք հիմայ:
երթամ կանչեմ մեր Ազատը, այն շատ զորաւոր եւ քաջ է, երեք հոգիով աւելի ուժ կ՛ունենանք:
Ուրեմն, մեծ հայրիկը, մեծ մայրիկը եւ Ազատը կը քաշեն, կը քաշքշեն շողգամը, երգելով:
Ազատը բռնեց Մամիկը,Մամիկը բռնեց Պապիկը, Պապիկը բռնեց շողգամը, հա բաշեցին, քաշքշեցին շողգամը հողէն չի հանեցին:
Լաւ կ՛ըսէ Մեծ հայրիկը, ի՞նչ պիտի ընենք հիմայ:
Մի մտահոգուիր պապիկ, կ՛ըսէ Ազատը, երթամ կանչեմ գոյրիկսմ, չորս հոգիով աւելի ուժ կ՛ունենանք:
Ուրեմն Մեծ հայրիկը, Մեծ մայրիկը, Ազատը եւ Ազատուհին կը քաշեն, կը քաշքշեն երզելով, բայց շողգամը չեն կրնար հանել հողէն:
Ազատուհին բռնեց Ազատը, Ազատը բռնեց Մամիկը,Մամիկը բռնեց Պապիկը, Պապիկը բռնեց շողգամը, հա բաշեցին, քաշքշեցին շողգամը հողէն չի հանեցին:
Լաւ կ՛ըսէ Մեծ հայրիկը, ի՞նչ պիտի ընենք հիմայ:
Հիմայ երթամ կանչեմ մեր շնիկը, կ՛ըսէ Ազատուհինմ, հինգ հոգիով աւելի ուժ կ՛ունենանք:
Ուրեմն Մեծ հայրիկը, Մեծ մայրիկը, Ազատը, Ազատուհին եւ շնիկը կը քաշեն, կը քաշքշեն երզելով, բայց չեն կրնար հանել շողգամը հողէն:
Շունիկը բռնեց Ազատուհին, Ազատուհին բռնեց Ազատը, Ազատը բռնեց Մամիկը,Մամիկը բռնեց Պապիկը, Պապիկը բռնեց շողգամը, հա բաշեցին, քաշքշեցին շողգամը հողէն չի հանեցին:
Լաւ կ՛ըսէ Մեծ հայրիկը, ի՞նչ պիտի ընենք հիմայ:
Հիմայ երթամ բերեմ մեր կատուն, կ՛ըսէ Ազատուհինմ, վեց հոգիով աւելի ուժ կ՛ունենանք:
Ուրեմն Մեծ հայրիկը, Մեծ մայրիկը, Ազատը, Ազատուհին, շնիկը եւ կատուն կը քաշեն, կը քաշքշեն երզելով, բայց շողգամը չեն կրնար հողէն հանել :
Կատուն բռնեց շնիկը, շնիկը բռնեց Ազատուհին, Ազատուհին բռնեց Ազատը, Ազատը բռնեց Մամիկը,Մամիկը բռնեց Պապիկը, Պապիկը բռնեց շողգամը, հա բաշեցին, քաշքշեցին շողգամը հողէն չի հանեցին:
Մեծ հայրիկը շատ կը յուսահատի: «Ինչու՞ կը նեղուիսմ, կ՛ըսէ մեծ մայրիկը, մի յուսահատիր Աստուծոյ դիմէ»:
Մեծ հայրիկ կ՛ըսէ Ազատուհին, մոռցեր էի մկնիկս Էմիլին, երթամ կանչեմ, եօթը հոգիով ալ աւելի զօրաւոր կ՛ըլլանք:
Ուրեմն Մեծ հայրիկը, Մեծ մայրիկը, Ազատը, Ազատուհին, շնիկը, կատուն եւ մկնիկը կը քաշեն, կը քաշքշեն երզելով եւ շողգամը հողէն կը հանեն:
Մկտիկե բռնեց կատուն, կատուն բռնեց շնիկը, շնիկը բռնեց Ազատուհին, Ազատուհին բռնեց Ազատը, Ազատը բռնեց Մամիկը,Մամիկը բռնեց Պապիկը, Պապիկը բռնեց շողգամը, հա բաշեցին, քաշքշեցին շողգամը հողէն հանեցին:
Մեծ հայրիկը ուրախ զուարթ կինը կը համբուրէ եւ կ՛ըսէ «այս շողգամը շատ մեծ է մեզի համար»
«Լաւմ կ՛ըսէ իր տիկինըմ, կրնանք բոլոր գիւղը հրաւիրել:
Ուրեմն, Մեծ Մառիկը կը պատրաստէ հսկայ կաթսային մէջը շողգամի համեղ ապուր մը:
Բոլոր Մամախաղադունի գիւղացիները կ՞ուգան իրենց տունը։
Անոնք կ՞ուտեն, կը խմեն,կը պարեն, կը հասնին իրենց նպատակին։
Մենք ալ ուտենք, խմենք, պարենք եւ հասնինք մեր նպատակին։