Skip to main content

Հսկայ Շողգամը

Ժամանակին կար ու չկար, Մամախաթուն գիւղին մեջ մէծ հայրիկ մը կար, որ շատ կը յարգեր իր տիկինը, թոռները, Ազատ եւ Ազատուհին, ու կը սիրեր մշակել իր պարտէզը:
Գարնան առաջին օրերուն, մեծ հայրիկը պարտէզ կերթայ, վայրի բոյսերը կը մաքրէ,ակօսներ կը բանայ, կը ցանէ բանջարեղէնների ու շողգամի հունտեր:
Ամէն իրիկուն, մեծ հայրիկը չէր մոռնար պարտէզը ջրել իր թոռնիկներուն հետ:

Աշնան առաւօտ մը, պապիկը պարտէզ կ'երթայ եւ ի՞նչ տեսնէ, Հսկա՛յ շողգամ մը, իր պարտէզին մեծութեան ջափով, պետգ է այս շողգամը փրցնեմ կ՛ըսէ մէծ հայրիկը, որ միւս բանջարեղէններուն չի խասէ:
Պապիկը շողգամը կը քաշէ, կը քաշքշէ, ու հողէն չի կրնար հանել եւ գետին կ'իյնայ:

կ՛երթայ կինը կը կանչէ մտածելով թէ, երկու հոգիով աւելի գորաւոր կըլլան, ու երգելով, երկուքը մէկ կը քաշեն, կը քաշքշեն, շողգամը հողէն չեն կրնար հանել:
մամիկըբ բռնեց պապիկը, պապիկը բռնեց շողգամը, հա քաշեցին, քաշքշեցին շողգամը հողէն չի հանեցին:

Լաւ կ՛ըսէ մեծ հայրիկը, ի՞նչ պիտի ընենք հիմայ:
երթամ կանչեմ մեր Ազատը, այն շատ զորաւոր եւ քաջ է, երեք հոգիով աւելի ուժ կ՛ունենանք:
Ուրեմն, մեծ հայրիկը, մեծ մայրիկը եւ Ազատը կը քաշեն, կը քաշքշեն շողգամը, երգելով:
Ազատը բռնեց Մամիկը,Մամիկը բռնեց Պապիկը, Պապիկը բռնեց շողգամը, հա բաշեցին, քաշքշեցին շողգամը հողէն չի հանեցին:

Լաւ կ՛ըսէ Մեծ հայրիկը, ի՞նչ պիտի ընենք հիմայ:
Մի մտահոգուիր պապիկ, կ՛ըսէ Ազատը, երթամ կանչեմ գոյրիկսմ, չորս հոգիով աւելի ուժ կ՛ունենանք:
Ուրեմն Մեծ հայրիկը, Մեծ մայրիկը, Ազատը եւ Ազատուհին կը քաշեն, կը քաշքշեն երզելով, բայց շողգամը չեն կրնար հանել հողէն:
Ազատուհին բռնեց Ազատը, Ազատը բռնեց Մամիկը,Մամիկը բռնեց Պապիկը, Պապիկը բռնեց շողգամը, հա բաշեցին, քաշքշեցին շողգամը հողէն չի հանեցին:

Լաւ կ՛ըսէ Մեծ հայրիկը, ի՞նչ պիտի ընենք հիմայ:
Հիմայ երթամ կանչեմ մեր շնիկը, կ՛ըսէ Ազատուհինմ, հինգ հոգիով աւելի ուժ կ՛ունենանք:
Ուրեմն Մեծ հայրիկը, Մեծ մայրիկը, Ազատը, Ազատուհին եւ շնիկը կը քաշեն, կը քաշքշեն երզելով, բայց չեն կրնար հանել շողգամը հողէն:
Շունիկը բռնեց Ազատուհին, Ազատուհին բռնեց Ազատը, Ազատը բռնեց Մամիկը,Մամիկը բռնեց Պապիկը, Պապիկը բռնեց շողգամը, հա բաշեցին, քաշքշեցին շողգամը հողէն չի հանեցին:

Լաւ կ՛ըսէ Մեծ հայրիկը, ի՞նչ պիտի ընենք հիմայ:
Հիմայ երթամ բերեմ մեր կատուն, կ՛ըսէ Ազատուհինմ, վեց հոգիով աւելի ուժ կ՛ունենանք:
Ուրեմն Մեծ հայրիկը, Մեծ մայրիկը, Ազատը, Ազատուհին, շնիկը եւ կատուն կը քաշեն, կը քաշքշեն երզելով, բայց շողգամը չեն կրնար հողէն հանել :
Կատուն բռնեց շնիկը, շնիկը բռնեց Ազատուհին, Ազատուհին բռնեց Ազատը, Ազատը բռնեց Մամիկը,Մամիկը բռնեց Պապիկը, Պապիկը բռնեց շողգամը, հա բաշեցին, քաշքշեցին շողգամը հողէն չի հանեցին:

Մեծ հայրիկը շատ կը յուսահատի: «Ինչու՞ կը նեղուիսմ, կ՛ըսէ մեծ մայրիկը, մի յուսահատիր Աստուծոյ դիմէ»:
Մեծ հայրիկ կ՛ըսէ Ազատուհին, մոռցեր էի մկնիկս Էմիլին, երթամ կանչեմ, եօթը հոգիով ալ աւելի զօրաւոր կ՛ըլլանք:
Ուրեմն Մեծ հայրիկը, Մեծ մայրիկը, Ազատը, Ազատուհին, շնիկը, կատուն եւ մկնիկը կը քաշեն, կը քաշքշեն երզելով եւ շողգամը հողէն կը հանեն:

Մկտիկե բռնեց կատուն, կատուն բռնեց շնիկը, շնիկը բռնեց Ազատուհին, Ազատուհին բռնեց Ազատը, Ազատը բռնեց Մամիկը,Մամիկը բռնեց Պապիկը, Պապիկը բռնեց շողգամը, հա բաշեցին, քաշքշեցին շողգամը հողէն հանեցին:

Մեծ հայրիկը ուրախ զուարթ կինը կը համբուրէ եւ կ՛ըսէ «այս շողգամը շատ մեծ է մեզի համար»
«Լաւմ կ՛ըսէ իր տիկինըմ, կրնանք բոլոր գիւղը հրաւիրել:

Ուրեմն, Մեծ Մառիկը կը պատրաստէ հսկայ կաթսային մէջը շողգամի համեղ ապուր մը:
Բոլոր Մամախաղադունի գիւղացիները կ՞ուգան իրենց տունը։
Անոնք կ՞ուտեն, կը խմեն,կը պարեն, կը հասնին իրենց նպատակին։
Մենք ալ ուտենք, խմենք, պարենք եւ հասնինք մեր նպատակին։